Afleveringen
-
«Ճամբորդութիւն Իտալիա՝ Չարենցի հետ» խորագրեալ ցուցադրութիւն՝ գրողի տուն-թանգարանին մէջ։
ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Հայաստանի ազգային պատկերասրահի գանձերը պիտի ցուցադրուին Պերլինի մէջ։
ՊԵԼՃԻՔԱ - «Նեմրութ» խումբի համերգը՝ «Հոգեւոր Հայաստան» բնաբանով։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հաղորդագրութիւնը. «Կը պահանջենք անյապաղ ազատ արձակել Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիները»։
ԻՏԱԼԻԱ - Լոյս տեսած է «Հայկական հին աւանդութիւններն ու առասպելները» գիրքը։
-
ԹԵՀՐԱՆ - «Ազատի» աշտարակը լուսաւորուած է Հայաստանի պետական դրօշի գոյներով։
ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Հայաստան առանձին տաղաւարով պիտի մասնակցի Լայփցիկի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին։
ՓԱՐԻԶ - Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած երաժշտական երեկոյթ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ։
ՓԱՐԻԶ - Սիփան-Կոմիտաս երգչախումբի հարիւրամեակի համերգը – Մեծարանք՝ Կարպիս Ափրիկեանի։
ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ - Հայկական տուֆ քարի վրայ փորագրուած յուշարձանը պիտի տեղադրուի Կիրով քաղաքին մէջ։
-
Zijn er afleveringen die ontbreken?
-
Լաթաքիոյ ապահովական վիճակը բարելաւուած է, դպրոցները՝ վերաբացուած։
Զուիցերիոյ Գաւառներու խորհուրդը թեր քուէարկած է Արցախի համար Խաղաղութեան հարթակ ստեղծելու բանաձեւին։
ԱՄՆ-ու նախագահի խորհրդական Մայքըլ Ուոլց. «Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւնը պէտք է աւարտի, բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին»։
ԻՏԱԼԻԱ - «Ամերիկացի»-ն արժանացած է «լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» մրցանակին։
Նուպար Աֆէեանի պատգամը Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու մասին։
-
Փարիզ կ՚ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններու աւարտի մասին յայտարարութիւնը։
Արարատ Միրզոյեան. «Գերիներու հարցը չէ ներառուած խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ»։
ՎԵՆԵՏԻԿ - Պելճիքայի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտները Վենետիկի մէջ ծանօթացած են հայկական հարուստ ժառանգութեան
ՉԵԽԻԱ - Փրակայի միջազգային փառատօնին ցուցադրուած է Ալեքսի Բազումեանի «Jardin Noir» ֆիլմը։
-
Ռուբէն Վարդանեան դադրեցուցած է հացադուլը։
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ - Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայերը ռազմագերի նկատող եւ անոնց անյապաղ ազատ արձակումը պահանջող բանաձեւը։
Փաշինեան. «Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը մեր առաջնահերթութիւնը չէ»։
ԵՐԵՒԱՆ - Արցախցիները կը դիմեն Զուիցերիոյ՝ նախաձեռնելու իրենց վերադարձի հարցով միջազգային քննարկումներու։
ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ - Հայ գերիներու հարցով դիմում երկրի վարչապետին։
ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - ՀՄԸՄ-ի փոքրիկներուն այցը՝ Թիֆլիսի Տիկնիկային մշակոյթի տուն։
-
Եւրոպական խորհրդարանը կը քննարկէ Պաքուի մէջ ընթացող հայ գերիներու կեղծ դատավարութեանց հարցը։
25 Հանրածանօթ հայուհիներ խնդրած են Վեհափառ Հայրապետէն՝ հայրական յորդորով դիմելու Ռուբէն Վարդանեանին՝ դադրեցնելու հացադուլը։
Պերլինի մէջ բողոքի ցոյց՝ հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջով։
ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՌԵՆՍԻ - Դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է Ռենսիի քաղաքապետ Ժան-Միշէլ Ժընեսթիէի հետ եւ այցելած՝ «Դպրոցասէր» վարժարանը։
-
Ծանր իրավիճակ Լաթաքիոյ մէջ. երկու հայեր սպանուած են. հայկական դպրոցն ու եկեղեցին փակ կը մնան զգուշութեան նկատառումներով։
Փաքիստանցի իրաւապաշտպանը մտադիր է մեկնիլ Պաքու մասնակցելու Ռուբէն Վարդանեանի դատական ունկնդրութիւններուն։
ԵՐԵՒԱՆ - «Վազգէն. վերջին սպարապետը» խորագրեալ ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը։
ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ - Մեսրոպեան վարժարանի նոր մարզադաշտին պաշտօնական բացումը։
ԹՈՒՐՔԻԱ - Ալիեւ. «Նախիջեւանը Ազերպայճանի պատմական տարածքն է»։
-
Փաշինեան՝ գերիներու մասին. «Տեղի է ունենում արգելուած ներգործութիւն, դա անընդունելի է»։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Հացադուլի մէջ գտնուող Մանէ Թանդիլեան հիւանդանոց փոխադրուած է։
Ըստ Զարեհ Սինանեանի՝ աւելի քան 2.000 Հայաստանցիներ կրնան արտաքսուիլ ԱՄՆ-էն։
Վարչապետին յանձնարարականով Զարեհ Սինանեան կը մեկնի Սուրիա։
-
ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատարը պահանջած է ազատ արձակել հայ գերիները։ Պաքու անմիջապէս հակազդած է։
Տաթեւ, Գորիս եւ Տեղ համայնքներուն բողոքի ցոյցը՝ հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջով։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ - Պատարագ, խաչքարի օրհնութիւն՝ Հայֆայի Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ, Բուն Բարեկենդանի տօնախմբութիւն՝ Երուսաղէմի մէջ։
Թումօ Կապանի հիմնական շէնքին պաշտօնական բացումը։
-
Մարսիլիա-Երեւան զուգորդուած քաղաքներ հռչակուեցան։
ՓԱՐԻԶ - Միսաք Մանուշեանին նուիրուած համաժողով՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի երդիքին տակ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ - Սէն թ՚Էթիէնի քաղաքապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ։
Փաշինեան. «Պաքուի մէջ պահուող հայերու նկատմամբ խոշտանգումներու մասին տեղեկութիւնները արդէն իսկ բացայայտ են»։
Պաքու կ՚ամբաստանէ Հայաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ ականի մեծագոյն արտադրողը ըլլալու մեղադրանքով։
-
Մարտ 14–18 Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուի «Մանուշեանական շաբաթ»։
Փաշինեան. «Խաղաղութեան պայմանագրի երկու յօդուած տակաւին համաձայնութեան չեն արժանացած»։
ԵՐԵՒԱՆ - ՀՅԴ-ի 35-րդ Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական բացումը։
«Կոմիտաս» երաժշտանոցի ուսանող Լեւոն Ալմասեան Փարիզի «Nouvelles étoiles» մրցոյթին շահած է առաջին մրցանակը։
ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ - Սեւան եւ Պալաթոնալմատի քաղաքներու միջեւ ստորագրուած է զուգորդութեան յուշագիր մը։
-
Կարմիր խաչի համաձայն՝ 2020-ի պատերազմէն ետք 429 հայ տակաւին անհետացած կը համարուի։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Սուրբ երկրի Պապական նուիրակը կը զօրակցի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան։
Խաչատուր Աբովեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին նոր փաստեր յայտնաբերուած են։
Պաքու հակադարձած է կեղծ դատավարութիւններու մասին Միրզոյեանի յայտարարութեան։
-
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Նուրհան պատրիարք Մանուկեան Հայոց Պատրիարքութեան գոյքի բռնագրաւման եւ պարտադրուող անտրամաբանական ահռելի պարտքին առնչութեամբ նամակ գրած է Իսրայէլի վարչապետին։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ - Հայկական տպաւորապաշտ ոճի նկարչութեան գանձերը կը ցուցադրուին Պարպիզոնի մէջ։
Արցախի նախկին ղեկավարները չեն ընդունած Պաքուի շինծու դատարանի ամբաստանութիւնները։
ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱ - Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանը պատմական կոթողներու ցանկին մէջ ներառելու պաշտօնական արարողութիւնը։
ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ - Բարեսիրական համերգ՝ ի նպաստ Կապանի միջազգային երաժշտական փառատօնին։
-
Կոստան Զարեանի 140-ամեակը Երեւանի մէջ։
ՊՐԻՒՍԷԼ - Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կայացած է Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան նիւթին շուրջ երկխօսութիւն
Հայոց լեզուի Համշէնի բարբառը առաջին անգամ լսուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի ամպիոնէն։
ԻՏԱԼԻԱ - Իտալիոյ Ծերակոյտը՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին աջակցութեան բանաձեւ մը որդեգրած է։
ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Հայրենի գեղանկարիչ Սամուէլ Չիբուխչեանի «Տարածութիւն եւ ժամանակ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը։
-
ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՄՈՆԹՐԷՕՅ - Նոր կառուցուող հրապարակ մը պիտի կրէ լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի անունը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Այսուհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ մատչելի են ֆրանսերէն լեզուով ձայնային ուղեցոյցներ (audioguides)։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Պատրիարքութեան դիւանապետ. «ԱՄՆ-ու ԱԳ նախարար Ռուպիօ վստահեցուցած է թէ իր երկիրը ամէն ինչ պիտի ընէ, որ քրիստոնեաները չհեռանան Իսրայէլէն»։
ԿԱԼԼԷՍ - Յուշատախտակ՝ ի պատիւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար գործած քաղաքական դէմքերու։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ բացուած է Բարսեղ Կանաչեանի 140-ամեակին նուիրուած առժամեայ ցուցադրութիւն։
-
ՖՐԱՆՍԱ - Մօրմէ հայ երիտասարդ երգչուհի Սոլան շահեցաւ «տարուան կին յայտնութիւն» մրցանակը։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Կոստան Զարեանի 140-ամեակը նշուած է Երուսաղէմի մէջ։
ՄԱՍԱՉՈՒՍԵՑ – ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ- Արեւելեան Ուաթըթաունի խաչմերուկներէն մէկուն պիտի տրուի Արշիլ Կորքիի անունը։
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ - «Հայաստանի արուեստն ու հոգին» խորագրեալ ձեռնարկը
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ - Լոյս տեսած է Յասմիկ Խալափեանի «Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանի հայ կիներու շարժումը. արդիականութիւն, ազգայնականութիւն եւ սեռ» գիրքը։
-
Ալիեւի դէմ դատական հետապնդում - Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին դիմումը Պատժական միջազգային ատեանի դատախազին։
ՓԱՐԻԶ - Քաղաքային խորհուրդը ընդունեց «Ազերպայճանի մէջ ձերբակալուած ԼՂ նախկին առաջնորդներու մտահոգիչ կացութեան մասին» կոչը։
ՉԵԽԻԱ - Փրակայի «Յաւերժական յոյս» փառատօնին հնչած է Տիգրան Մանսուրեանի «Requiem»-ը։
ՓԱՐԻԶ - Դեսպան Խաչատրեանի հանդիպումը Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ։
-
ՓԱՐԻԶ - Ֆրանքեւհայկական յուշագիր՝ Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան վրայ հիմնուած նորարարութիւնները խթանելու համար։
ՀԱԼԷՊ - Սասունցիներու եւ տարօնցիներու ընդհանուր հոգեհանգիստ։
ԽՐՈՒԱԹԻԱ – ՏՈՒՊՐՈՎՆԻՔ - 4-րդ դարու հայ եպիսկոպոսին նուիրուած 1053-րդ փառատօնը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ծաղիկներ՝ բանաստեղծի շիրիմին։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Կոստան Զարեանի 140-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս։
-
ԼԻԲԱՆԱՆ - Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան նշանակուած է Մարզանքի եւ երիտասարդութեան նախարար’
Նորվեկիոյ մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան նշանակուած է Մայքըլ Գաւուքճեան’
ՖՐԱՆՍԱ – ԼԷՆ-ՓԷՆ-ՄԻՐԱՊՕ - Միսաք եւ Միլինէ Մանուշեանի յիշատակը յաւերժացնող կոթողին բացման արարողութիւնը’
ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ - Կլենտէյլի մէջ բացումը կատարուած է Համազգայինի նոր կեդրոնին’
30 հազար արցախցի լքած է Հայաստանը’
ԽՐՈՒԱԹԻԱ - Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած հատորի խրուաթերէն թարգմանութեան ներկայացումը’
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ - Հայաստան կը մասնակցի Սուրաժքունտի արհեստներու 38-րդ միջազգային փառատօնին’
-
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Վարչապետը ելոյթ ունեցած է Ատլանտեան խորհուրդի նիստին եւ պատասխանած փորձագէտներու հարցումներուն։
ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Պերլինի մէջ հրատարակուած է «Քսաներորդ դարը՝ քերթուածք եւ արձակ Հայաստանէն» հատորը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Տիգրան Մանսուրեանի «Մեներգեր» ժողովածուի շնորհահանդէսը։
ԼԻԲԱՆԱՆ ) Վերջին օծում եւ կարգ թաղման՝ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Թրամփի առաջարկը Կազայի մասին. «Քանդումի ենթակայ տարածք» եւ Մերձաւոր Արեւելքի «ապագայ Ռիվիերա»։
- Laat meer zien